2010-12-11 07:41:26

Արամ Ա. Կաթողիկիս 2011 տարին հռչակեց <<Հայ Մանուկի տարի>>։


Վերջին տասնամեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով, մեր ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ լուսարձակի տակ բերուող յատկանշական ու հիմնական մտահոգութիւնները, ամբողջ տարուան ընթացքին ուշադրութեան առարկայ կը դառնան, վերանորոգելով մեր ազգային կեանքը:
Մեր հասարակաց կեանքին վերաբերող կարեւոր երեւոյթները ու մտահոգութիւնները տարուան նշանաբանը դարձնելով, Արամ Ա. Կաթողիկոս շարժման մէջ կը դնէ մեր ազգային գիտակցութիւնը, վերազարթօնքի հրաւիրելով մեր ժողովուրդի զաւակները:
2010 տարին ՙՀայ Կնոջ Տարի՚ հռչակած էր Նորին Սրբութիւնը: Այս առիթով, մեր թեմերէն ու գաղութներէն ներս տեղի ունեցան, ու տակաւին կը շարունակուին, զանազան  ձեռնարկներ ու հրատարակութիւններ հայ կեանքէն ներս կնոջ դերը քննարկող ու վերաշեշտող:
Հայրապետական յատուկ Գիրով, յառաջիկայ 2011 տարին, որուն սեմին կը գտնուինք, Վեհափառ Հայրապետը հռչակեց ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻ: Այս առիթով հրատարակած Վեհափառ Հայրապետին Հայրապետական Գիրը թեմերու եկեղեցիներէն ներս պիտի կարդացուի 2011 տարուան Յունուար ամսուան ընթացքին:







All the contents on this site are copyrighted ©.